Վատիկանի նախաձեռնութեամբ՝ Մէքսիքոյի Գանգուն քաղաքի մէջ 23 - 27 ապրիլ գումարուած <<Զբօսաշրջիկութեան
Հովուութեան համաշխարդային 7րդ Վեհաժողովին>> առթիւ՝ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը
պատգամ մը ուղղած է ժողովականներուն, որուն մէջ յանձնարարած է <<Պայքարիլ Սեռային Զբօսաշրջիկութեան
դէմ>> եւ <<հսկել կանխարգիլելու՝ մարդ էակներու վաճառքը։>> Գաղթականներու եւ Փախստականներու
Քահանայապետական Խորհուրդի նախագահ` Անթոնիօ Մարիա Վէլիոյին ուղղած պատգամին մէջ, Սրբազան
Հայրը մատնանշած է նաեւ <<արձակուրդներ ունենալու իրաւունք>> որ <<բոլոր մարդոց վերապահուած
իրաւունք մը պէտք է ըլլայ>> ըսած է ան ու աւելցուցած <<յոյս կը յայտնեմ որ եկեղեցին այս
ուղղութեամբ շարունակէ իր անկեղծ համագործակցութիւնը որպէսզի այս իրաւունքը ամահովուի
բոլոր էակներու ու յատկապէս անբարենպաստ խումբերուն։ <<Զբօսաշրջիկութեան Հովուութեան
համաշխարհային 7րդ Վեհաժողովի գլխաւոր նիւթերն են. << Զբօսաշրջիկութիւն, Հոգեւոր Զբօսաշրջիկութիւն
եւ Քրիստոնեաներու Զբօսաշրջիկութիւնը՝՝։ Վեհաժողովը վերջ կը գտնէ 27 ապրիլին։